2012-12-14 13:21:10

Վերջ Գտաւ Ամերիկեան Ցամաքամասի Եկեղեցւոյ Համաժողովը` Քրիստոնեաները Կարող Չեն Անտարբեր Մնալ Ընկերային Պատուհասներու Առջեւ։


Ամերիկայի քրիստոնեաները պէտք են առաջինները հանդիսանան ընկերային պատուհասներու դէմ պայքարի մէջ որ իրենց ցամաքամասը կ'ապականէ։
''Հաւատացեալները կանչուած են ապրելու իրենց քրիստոնէական հաւատքը եւ զգուշանալու անտարբեր ու անպատշաճ դիրք ունենալէ'' յայտարարած է եպիսկոպոսներու ժողովին կառավարիչը գանատացի կարտինալ Ուելլէն` եզրափակելով չորս օրուայ ''Եկեղցին ամերիկայի մէջ'' վերտառութեամբ համաժողովը, Հռոմի Դրասբոնդինա Աստուածամօր նուիրուած եկեղեցւոյ մէջ սուրբ պատարագի զոհը մատուցանելով ։
Ընկերային պատուհասներն են. եսասիրութիւնը, նախանձը եւ ատելութիւնը, ինչպէս նաեւ աղքատներու շահագործումը, քաղաքային բռնութիւնները եւ ընտանիքի քայքայումն ու փլուզումը։
Քրիստոնեան կանչուած է պայքար մղելու արդարութեան ու զօրակցութեան ի խնդիր եւ հրապարակաւ հռչակելու իր հաւատքը յարգելով հանդերձ ուրիշներու ազատութիւնը - Հաստատած է կարդինալ Ուելլէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.